Հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կը կազմակերպէ Լիբանանի լողարշաւի բաց ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 3 յունիսին, Ժունիէի շրջանին մէջ:
Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց 15 տարեկանէն վար, 16-20 տարեկան, 21-39 տարեկան, 40-49 տարեկան եւ 50 տարեկան եւ վեր դասակարգի մրցումները:
Նկատի առնուած են 1,3 եւ 6 քիլոմեթրի մրցումներ:
Արձանագրութեան համար պէտք է կապ հաստատել «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն կամ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին հետ: