Լիբանանեան մարզական կարգ մը լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ, որ ներկայիս արձակուրդի գացած է իր երկիրը, ստացած է բաւական հետաքրքրական առաջարկ մը, հարաւային քորէական ակումբէ մը:
Կը նշուի, որ այդ ակումբը, որուն անունը չի նշուիր, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչին ներկայացուցած է երեք տարուան առաջարկ մը, փոխան…` 800 հազար ամերիկեան տոլարի, իւրաքանչիւր տարեշրջանի համար:



