Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մրցեցաւ Մալթայի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:

Թէեւ 13-րդ վայրկեանին Իվան Եաքան նշանակեց Հայաստանի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն 45-րդ վայրկեանին Անտրէ Ակիուս նշանակեց Մալթայի հաւասարութեան կոլը: Հայաստանի նշանակած կոլին էսիսթը կատարեց Հենրիխ Մխիթարեան:
Հայրենի կազմը մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 77-րդ վայրկեանին Վարազդատ Հարոյեան կարմիր քարտ մը ստացաւ:
4 յունիսին դարձեալ Աւստրիոյ մէջ Հայաստան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Մոլտովայի դէմ: