Կեդրոնական դրամատան հովանաւորութիւնը վայելող եւ Սփորթց Մանիա ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած դրամատուներու պասքեթպոլի 5-րդ մրցաշարքը ուրբաթ, 1 յունիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ, ժամը 21:00-ին, տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցումը:
Տիտղոսին տիրանալու համար իրարու դէմ պիտի պայքարին Իհթիմատ Լուպնանի եւ Ֆրանսապանք:
Նշենք, որ նախորդ տարուան տիտղոսակիրը` Ֆրանսապանք, պիտի փորձէ տիտղոսը պահել իր մօտ:
Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ: