Ըստ շրջան ընող լուրերուն, որոնք ցարդ պաշտօնական չեն, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգին մաս կազմող խումբերէն Անթունիէ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին յղած իր նամակին մէջ կը յայտնէ, որ կը քաշուի Լիբանանի պասքեթպոլի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութենէն:
Կը նշուի, որ նմանօրինակ քայլի դիմէ նաեւ Ա. դասակարգի այլ կազմ մըն ալ` Լուէյզի, բայց ցարդ յստակ ոչինչ կայ այս ուղղութեամբ:
Եթէ վերոնշեալ երկու ակումբները այս քայլին դիմեն, յառաջիկայ տարեշրջանին մասնակցող խումբերուն թիւը պիտի ըլլայ` 10: