Թենիսի Ռոլան Կարոսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Կարէն Խաչանով չկրցաւ շարունակել իր պայքարը, երբ դժուարութեամբ պարտութիւն մը կրելով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:

Ռուսիոյ 2-րդ դասուած թենիսմենը` Կարէն Խաչանով, Գ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 6-3, 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 15-րդ դասուած ֆրանսացի Լուքա Փուին:
Դ. հանգրուանին, Խաչանով երէկ ճակատեցաւ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, որ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ դասուած է երրորդ:
Սակայն 22 տարեկան Խաչանով այս հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց 6-4, 6-7, 6-2, 3-6 եւ 3-6 արդիւնքով եւ բնականաբար դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Անոնց միջեւ այս պայքարը տեւեց 3 ժամ 32 վայրկեան:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, տիտղոսակիր Ռաֆայէլ Նատալ` դասուած առաջին, ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանին իր տոմսը` 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք ֆրանսացի Ռիշար Կասքէին:
Սպանացի Նատալ, որ կը փորձէ 11-րդ անգամն ըլլալով տիրանալ այս մրցաշարքի տիտղոսին, երէկ տօնեց իր 32-րդ տարեդարձը:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 16 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Նատալ այսօր կը մրցի չդասուած գերմանացի Մաքսիմիլիան Մարթերերի դէմ, որ յաղթեց Եիւրկըն Զոփի (Էսթոնիա)` 6-2, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով:
Իր կարգին խրուաթ Մարին Սիլիչ (3-րդ դասուած) ապահովեց Դ. հանգրուանին իր տոմսը` 20-րդ անգամն ըլլալով հասնելով 1-16-րդ հանգրուան, երբ 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` ամերիկացի Սթիւ Ճոնսընին: Անոր յաջորդ մրցակիցն է իտալացի Ֆապիօ Ֆոկնինի:
5-րդ դասուած արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրօ, վերջին վեց տարիներուն առաջին անգամն ըլլալով հասաւ 1-16-րդ հանգրուանին` 7-5, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք սպանացի Ալպեր Ռամոս-Վինոլասին:
2009-ին Եու. Էս. Օփըն-ի տիտղոսին տիրացած արժանթինցին իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ ամերիկացի Ճոն Այզնըրի դէմ, որ դասուած է 9-րդ: