Աւստրիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ յանդիման եկան Հայաստանի եւ Մոլտովայի ազգային հաւաքականները:
Հայաստան, որ իր կատարած մէկ այլ բարեկամական մրցումին ընթացքին (29 մայիսին) 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն հաստատած էր Մալթայի հետ, երէկ եւս իր այս հանդիպումը աւարտեց կոլազուրկ հաւասարութեամբ մը:
34-րդ վայրկեանին Կարլեն Մկրտչեանի հարուածը թէեւ դպաւ մրցակից մարզիկի մը ձեռքին, սակայն օրուան իրաւարարը փենալթի չսուլեց:
Վերջին քսան վայրկեաններուն, գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի կազմը աւելի տիրական ներկայութիւն մը եղաւ, սակայն չյաջողեցաւ կոլ մը նշանակել:
Այս մրցումին Հայաստանի հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց շուէտական Կոթըպորկի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր: