Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Աւստրիոյ մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 4 յունիսին պիտի կատարէ իր երկրորդ բարեկամական մրցումը, այս անգամ Մոլտովայի դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը 29 մայիսին Աւստրիոյ մէջ կատարեց բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մալթայի հետ (1-1):
Կ՛ակնկալուի, որ այսօրուան մրցումին հայրենի կազմը յաղթանակ մը արձանագրէ: