Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ, որ հրապարակեց 2018-ի մոնտիալին մասնակցող իր վերջնական կազմը, որոշեց նկատի առնել Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրը, հակառակ անոր որ ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով նախորդ տարեշրջանին ընդհանրապէս բացակայեցաւ ֆութպոլի դաշտերէն:
Հակառակ անոր որ Նէօյըր բաւական փորձառու բերդապահ մըն է, բայց պիտի կարենա՞յ պաշտպանել իր բերդը (եթէ ըլլայ հիմնական բերդապահ)` նկատի առնելով, որ ամիսներէ ի վեր դաշտ չէ ներկայացած….
2018-ի մոնտիալին Գերմանիոյ Ա. հանգրուանի մրցակիցները պիտի ըլլան Մեքսիքա, Հարաւային Քորէա եւ Շուէտ: