Ինչպէս ծանօթ է, 21-23 յունիսին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Մասնակցող երկիրները պիտի ըլլան Հայաստանի, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբերը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ընդհանուր պատասխանատու Ֆուատ Ժըրժես յայտարարեց, որ «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ (անոր կայացման թուականին մասին պիտի յայտարարուի շուտով) տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայացնելու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին այլ մանրամասնութիւններ:
Ան եզրափակելով ըսաւ, թէ մրցումներուն տոմսերը արդէն իսկ սկսած են վաճառուիլ, իսկ պատուիրակութիւնները Լիբանան պիտի հասնին 20 յունիսին: