Յատուկ ժողով մը գումարելով` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող կարգ մը հարցեր եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ:
Յայտարարուեցաւ, որ 5-12 յուլիսին, հսկողութեամբ ֆետերասիոնին տեղի պիտի ունենան մարզիչի Ա. կարգի դասընթացքներ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ, որ կը նկատուի ֆետերասիոնին նստավայրը:
Ֆետերասիոնը մերժեց ընդունիլ Լեռնալիբանանի նահանգին փոխնախագահ Քրիսթիան Ղոշի ներկայացուցած հրաժարականը` նկատի ունենալով, որ ան յստակ պատճառ մը չէր տուած այդ գծով:
Սակայն ֆետերասիոնը ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի նահանգի յանձնախումբին ներկայացուցած հրաժարականը` յայտնելով, որ 15 օր ետք տեղի պիտի ունենան նոր ընտրութիւններ:
Ֆետերասիոնը սկզբունքային համաձայնութիւն տուաւ յուլիսի վերջաւորութեան Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք արաբական ախոյեանութեան Լիբանանի մասնակցութեան գծով:
Մերժուեցաւ Ֆետի Աքտաս ակումբին կողմէ իր մարզիկին` Ռաշիտ Պըպպոյի ազատ արձակումը խումբէն` հաստատելով որ ան կը շարունակէ մնալ խումբի անդամ:
Վերջապէս յայտարարուեցաւ, որ լիբանանցի միջազգային իրաւարար Քամիլ Մըրհեպ պիտի մեկնի մասնակցելու միջերկրականեան խաղերուն` Լիբանանի ողիմպիական պատուիրակութեան հետ: