Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Նահատակ Պետիկ Ինճէեանի Յիշատակին Նուիրուած Ֆութպոլի Մրցում

June 5, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դատի զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 42-րդ տարելիցը այս տարի իւրայատուկ ձեւով նշուեցաւ Այնճարի մէջ:

Արդարեւ հինգշաբթի, 31 մայիս 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, շրջանի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ֆութպոլի մրցում մը` նուիրուած Պետիկ Ինճէեանի յիշատակին:

Մրցումը կը համախմբէր ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբի անդամներն ու ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի խումբը:

Մրցումը խորհրդանշական բնոյթ ունէր անոր համար, որ Պետիկ Ինճէեան եւ ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբի լաւագոյն մարզիկներէն էր (1973-1974 թուականներուն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին), ե՛ւ մանաւանդ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերներէն էր:

Մրցումը տեղի ունեցաւ բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Յատկանշական էր ներկայութիւնը գիւղի երիտասարդներու, սկաուտներու եւ արենուշներու, որոնք այդ օր եկած էին ո՛չ միայն քաջալերելու մասնակցող խումբերը, այլեւ յարգելու յիշատակը իր երիտասարդ կեանքը ազգին նուիրաբերած հերոս նահատակ Պետիկ Ինճէեանի:

Մրցումը վերջ գտաւ 2-1 արդիւնքով` ի նպաստ ԼԵՄ-ականներուն:

Աւարտին ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Պետիկ Հերկելեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Պետիկ Ինճէեանի ընտանեկան պարագաներուն: Յուշանուէրը ստանձնեց փոքրիկն Պետօ Թաշճեան:

Այս առիթով Լեւոն Թաշճեան իր սրտի խօսքը ուղղելով շեշտը դրաւ այն հանգամանքին վրայ, որ երբ Հայ դատի նահատակ զինուորը յաճախ կը յիշուի զանազան առիթներով, ասիկա կը նշանակէ, թէ ան կ՛ապրի իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ եւ օրինակ կը ծառայէ նուիրուածութեան, անշահախնդրութեան եւ անկեղծ ծառայութեան` ի խնդիր հայ ժողովուրդի անկատար տենչերուն իրագործման:

Շարունակելով աւանդութիւնը` ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր նաեւ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 42-րդ տարելիցին նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն, որ տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, յաւարտ սուրբ պատարագի: Ապա ԼԵՄ-ականներ այցելեցին գերեզմանատուն եւ ծաղիկ զետեղեցին նահատակին շիրիմին:

 

Նախորդը

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. 21-23 Յունիսին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Քառանդամ Մրցաշարքին Պատրաստութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.