Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած լիբանանեան համալսարաններու պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Քասլիքի «Էյ. Եու. Էլ.» համալսարանը դարձաւ տիտղոսակիր, երբ աւարտական մրցումին յաղթեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին` 92-88 արդիւնքով:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկը հանդիսացաւ «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-էն Ժերար Հատիտեան, որ նշանակեց 35 կէտ, մինչ յաղթական կազմին մարզիկներէն Ժորժ Իվ Տաապուլ նշանակեց 30 կէտ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



