Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի չգլխաւորէ Ռէալ Մատրիտը, յայտնեց «Թութթօ-Սփոր»-ը:
Նշեալ աղբիւրին համաձայն, արքայական ակումբը կ՛ուզէ, որ Ալլեկրի ըլլայ Զինետին Զիտանը փոխարինողը, սակայն իտալացին մերժեց այդ առաջարկը:
Ան խոստացաւ տարեշրջան մը եւս մնալ Եուվենթուսի հետ:
Շատ հաւանական է, որ 2019-2020 տարեշրջանին ան ըլլայ Ռէալ Մատրիտի մարզիչը, իսկ Զիտան… Եուվենթուսի մարզիչ: