«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 4 յունիսին տեղի ունեցաւ աւարտական երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը:
Ուորիըրզ, որ առաջին մրցումին երկարաձգումէն ետք 124-114 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ եւս յաղթելով այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:
Երէկուան մրցումը աւարտեցաւ 122-103 արդիւնքով (28-32, 18-27, 34-31, 23-32):
Երրորդ եւ չորրորդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Քլիվլենտի մէջ:
Ուորիըրզէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քարի (33), մինչ անոր խմբակից Քեւին Տիւրանթ` 26 կէտ:
Քաւալիրզէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Լեպրոն Ճէյմս (29 կէտ, 13 էսիսթ) եւ Քեւին Լովէ (22 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Այժմ յաջորդ երկու մրցումներուն
Քաւալիրզ ամէն գնով յաղթանակի կարիք ունի, որպէսզի ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարը վերսկսի զերօ կէտէն:



