Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնին նախագահ Նասրի Լահուտ, նախորդ շաբաթավերջին այցելեց «Էյ.Եու.Էս. Թի.» համալսարան, ուր տեսակցեցաւ համալսարանին փոխնախագահ Ռիատ Սաքըրի:
Լահուտ իր այս այցելութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնեց «Էյ.Եու.Էս.Թի.» համալսարանին, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կ՛ունենայ տարիներէ ի վեր համալսարաններու միջեւ կայացող ախոյեանութիւններուն եւ տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն:
Հանդիպումին աւարտին Լահուտ յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Սաքըրը: