Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու հերքեց այն լուրերը, ըստ որոնց, ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ եւ պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիօ պիտի հեռանան խումբէն:
«Անոնք երկուքն ալ կարեւոր են խումբին համար, որովհետեւ անոնց վրայ դրուած են մեծ յոյսեր` յառաջիկայ կարեւոր նուաճումներ ձեռք ձգելու համար: Առաջին տարուան ընթացքին քիչ մը դժուար է յաջողութիւններու հասնիլ, որովհետեւ Պարսելոնայի խաղաոճը տարբեր է միւս խումբերէն», ըսաւ Փարթոմէու:
Վերջերս Տեմպելէով մօտէն հետաքրքրուած էին Լիվըրփուլ եւ Արսենալ: