Մարզական

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Ուրուկուէյ Եւս Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանի Իր Տոմսը - Մարոք, Սէուտական Արաբիա Եւ Եգիպտոս  Չկրցան Յաջորդ Հանգրուան Հասնիլ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին եօթներորդ օրը, երէկ տեղի ունեցած երեք ճակատումներն ալ աւարտեցան 1-0 արդիւնքով: Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցած Ուրուկուէյ - Սէուտական Արաբիա ճակատումին, յաղթական կազմին յաղթանակը կերտեց Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ (23-րդ): «Ռոսթով Արենա»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած...

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան – Քաթար Մրցումը

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան 21-23 յունիսին պիտի հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Սկզբունքով մրցաշարքին պիտի մասնակցէին չորս երկիրներու տղոց ազգային խումբերը: Սակայն մետասաներորդ պահուն Եգիպտոս քաշուեցաւ մրցաշարքէն: Նախկին յայտագիրին հիմամբ, իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենար երկու մրցում: Սակայն այժմ, նոր յայտագիրին հիմամբ, իւրաքանչիւր օր պիտի կատարուի մէկ մրցում` հետեւեալ...

Կարեւոր Իրագործում Մը` Լիբանանահայ Գաղութին Համար.  Աւետիս Սերոբեան Ուու-Շուի Միջազգային Իրաւարարի Ա. Կարգի Վկայագիր Ստացաւ

Կարեւոր Իրագործում Մը` Լիբանանահայ Գաղութին Համար. Աւետիս Սերոբեան Ուու-Շուի Միջազգային Իրաւարարի Ա. Կարգի Վկայագիր Ստացաւ

Երէկ, Փենանկէն (Մալեզիա) Լիբանան վերադարձաւ Աւետիս Սերոբեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր 13-19 յունիսին տեղի ունեցած միջազգային Ուու-շուի իրաւարարներու քննութեան: Աւետիս Սերոբեան, որ արդէն իսկ ունէր Բ. կարգի վկայական, յաջողեցաւ իր կատարած քննութիւններուն ընթացքին սքանչելի արդիւնքներ ձեռք ձգելով ստանալ Ա. կարգի իր վկայականը: Ան իր այս վկայականը ստացաւ Ուու-շուի միջազգային ֆետերասիոնի փոխնախագահ Անթոնի Կոհէն: Այժմ, Լիբանան իր վերադարձով, Աւետիս Սերոբեան...

19 Մարզական Ֆետերասիոններու Կոչը` Իշխանութեան Երեք Պետերուն. «Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Յաջորդ Նախարարը Պէտք Է Մանրամասն Գաղափար Ունենայ Մարզական Աշխարհէն»

Երէկ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին 19 մարզական ֆետերասիոններու նախագահներն ու անոնց ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին իշխանութեան երեք պետերուն, նոր նշանակուելիք երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը մանրամասն տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ ունենայ մարզական աշխարհէն: PROFOTO Մամլոյ ասուլիսին, որ տեղի ունեցաւ «Փրոմենատ» պանդոկին մէջ (Զալքա), ներկայ գտնուեցան նաեւ մարզական լրագրողներ: Անոր ընթացքին կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի...

«Եւրոպայի Լիկա». Հայաստանի Ակումբներուն Մրցակիցները

Երէկ տեղի ունեցաւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2018-2019 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի փոխախոյեան Բանանց իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սարայեւոն (Պոսնիա), պրոնզէ մետալակիր Գանձասար-Կապանի մրցակիցն է Լեխ (Լեհաստան), իսկ Հայաստանի երրորդ ներկայացուցիչը` Փիւնիկ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վարտարը (Մակեդոնիա): Վերջինիս կազմին մէջ ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 12 յուլիսին,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Ակումբին Ընտրութիւնները` Հինգշաբթի, 5 Յուլիսին

Երկուշաբթի, 18 յունիսին, Սաֆա ակումբին մէջ գլխաւորութեամբ ակումբի նախագահ Ուալիտ Սֆէյրին տեղի ունեցած յատուկ նիստին ընթացքին տրուեցան կարգ մը որոշումներ: Նախ եւ առաջ յայտարարուեցաւ, որ վարչութեան մաս կազմող բոլոր անդամները հրաժարած են: Ասիկա կը նշանակէ, որ ակումբին նոր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 5 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Արդիւնքներու Վաւերացում, Տուգանքներու Սահմանում Եւ Կախակայումներ

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած մէկ ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննեց իր օրակարգին վրայ գտնուող կարեւոր հարցերը: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ 6-րդ ախոյեանութեան: Ուրբաթ, 22 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնը, ներառեալ` Ա. եւ Բ. դասակարգին մէջ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան),...

Պասքեթպոլ. Հուփս – Մաժերի Ընկերութիւն Համագործակցութեան Կնքում

Մօտ օրէն լիբանանեան պասքեթպոլի պատմութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան պիտի այցելէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբերէն Տալաս Մավըրիքսի մաս կազմող թունուզցի Սալեհ Մաժերի: Վերջինս, որ Մաժերի պասքեթպոլի ընկերութեան սեփականատէրն է, յատուկ պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Հուփս ակումբին հետ, որպէսզի տաղանդաւոր մարզիկներ փորձեր կատարեն իրեն հետ: Թունուզցի Սալեհի Լիբանան այցելութիւնը պիտի տեւէ չորս օր` 12-15...

Sarkis-Demirdjian

Անդրադարձ. Մտորումներ` Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Առիթով

ՍԱՐԳԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Միջազգային ֆութպոլի ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, հիմնուեցաւ 1904-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: Այդ ժամանակ միայն 10 երկիրներու մէջ օրինաւոր մրցումներ տեղի կ՛ունենային, բոլորն ալ` Եւրոպայէն: 1921-ին 48 տարեկան ֆրանսացի Ժիւլ Ռիմէ, որ ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ, քանի մը առիթներով ժողովներ գումարեց աշխարհի ախոյեանութիւն մը կազմակերպելու համար, սակայն չյաջողեցաւ: 1928-ին ան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ (Ամսթերտամի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիականին ընթացքին), եւ...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Եգիպտոսի Բ. Հանգրուան Հասնելու Յոյսերը Բաւական Դժուարացան - Առաջին Կարմիր Քարտը Ստացաւ Քոլոմպիա Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքին վեցերորդ օրը, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Ը. խմբակին մէջ տեղի ունեցան առաջին մրցումները, մինչ Ա. խմբակին մէջ` երկրորդ: Քոլոմպիա, որ մրցեցաւ Ճափոնի դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Ճափոն իր առաջին կոլը նշանակեց 6-րդ վայրկեանին (փենալթիով), իսկ երկրորդը`...

Նախարար Ֆընէյշ Հանդիպում – Ժողով Մը Ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի Համագումարին Մասնակցած Լիբանանեան Ֆութպոլի Պատուիրակութեան Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 19 յունիսին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը, որ Ռուսիոյ մէջ մասնակցած էր ՖԻՖԱ-ի համագումարին, 2018-ի մոնտիալին ազդանշանը տրուելուն նախօրեակին: Նախարար Ֆընէյշ լիբանանեան պատուիրակութենէն բացատրութիւն պահանջեց, թէ ինչո՞ւ Լիբանան չէր քուէարկած ի նպաստ Մարոքի, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր հիւրընկալելու 2026-ի մոնտիալը: Անոր փոխարէն Լիբանան քուէարկած էր ի նպաստ Քանատա...

Լիբանանի Միջազգային 41-րդ Ռելի. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Վաղը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, վաղը` հինգշաբթի, 21 յունիսին տեղի կ՛ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելիին վերաբերեալ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին մէջ (Քասլիք): Անոր ընթացքին պիտի յայտարարուին լուսաբանական որոշ կէտեր` այդ ռելիին վերաբերեալ: Լիբանանի այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

«Չեմփիընզ Լիկ». Ալաշկերտի Մրցակիցը` Սելթիք

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2018-2019 տարեշրջանին, զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ զօրաւոր կազմ մը` սկովտիական Սելթիքը: Վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա): Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 յուլիսին` Երեւանի մէջ, իսկ դարձի մրցումը 17 յուլիսին` Կլասքոյի մէջ:

Տը Ժէա Կրնայ Դառնալ Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Բերդապահը

Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդապահ Տաւիտ Տը Ժէա մօտ է անգլիական ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը կնքելուն, կը յայտնէ «Մարքա»: Ակումբին եւ 27 տարեկան ֆութպոլիստին ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւնները կը կատարուին այս տարուան յունուարէն: Նշուեցաւ, որ կողմերը համաձայնութեան եկած են հինգ տարուան պայմանագիր կնքելու առնչութեամբ: Տը Ժէա, որ տարեկան պիտի ստանայ 21 միլիոն եւրօ, պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող բերդապահը` գերազանցելով գերմանացի...

2018-ի Մոնտիալ. Նէյմար Չկրցաւ Ամբողջական Փորձերու Մասնակցիլ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար երէկ չկրցաւ իր խմբակիցներուն հետ ամբողջական փորձերու մասնակցիլ: «Սքայ Սփորթց» հաղորդեց, որ թեթեւ վնասուածք ունեցող Նէյմար, Թիակօ Սիլվայի եւ Փաուլինիոյի հետ մնաց պանդոկին մէջ, ուր շատ թեթեւ փորձերու մասնակցեցաւ` փորձելով զօրացնել իր մկանները, առանց յաւելեալ ճնշումներու ենթարկուելու: 2018-ի մոնտիալի բացման մրցումին Պրազիլի յառաջապահ Նէյմար Զուիցերիոյ մարզիկներուն կողմէ տասը անգամ ֆաուլի ենթարկուեցաւ: Ուրբաթ, 22 յունիսին,...

Կրիզման Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզման, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին, նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց իր ակումբին` Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ: Այսպիսով, ան մինչեւ 2023 պիտի մնայ անոր հետ: Անոր հետ միասին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց նաեւ այլ ֆրանսացի մը` յետսապահ Լուքա Հեռնանտեզ (մինչեւ 2024): Աթլեթիքոյի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց նաեւ Մոնաքոյէն տեղափոխուած ֆրանսացի Թոմա...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Անգլիա Արձանագրեց Դժուար Յաղթանակ Մը` Թունուզի Դէմ (2-1) - Այսօր` Ռուսիա - Եգիպտոս Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին հինգերորդ օրը, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ: Առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Շուէտը եւ Հարաւային Քորէան (Զ. խմբակ), աւարտեցաւ եւրոպական կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին «որբ» կոլը նշանակեց Անտրէաս Կրանքվիսթ, 65-րդ վայրկեանին փենալթիով: Կրանքվիսթ բացառիկ ներկայացում մը ունեցաւ այս...

Պասքեթպոլի Մրցաշարք. 21-23 Յունիս.  Քաթարի Ազգային Խումբը Հասաւ Պէյրութ

Պասքեթպոլի Մրցաշարք. 21-23 Յունիս. Քաթարի Ազգային Խումբը Հասաւ Պէյրութ

Ինչպէս ծանօթ է, 21-23 յունիսին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ պասքեթպոլի քառանդամ մրցաշարք մը` կազմակերպութեամբ «Սթեփ Ըհետ Սփորթց Սքուլ»-ին, հովանաւորութեամբ «Էլիթ Ինշուրընս»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերն են Հայաստան, Քաթար, Եգիպտոս եւ Լիբանան: Երէկ Լիբանան հասաւ Քաթարի ազգային խումբը, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատուներէն Լէյլա Ֆարեսի եւ Էլի Նաժըմի կողմէ:...

Կռփամարտ. Արտեոմ Դալլաքեան Պաշտպանեց Տիտղոսը

Արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ, «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան, Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Արտեոմ Դալլաքեան (17-0, 12-ը` նաք-աութով) պաշտպանեց ախոյեանական գօտին: Անոր մրցակիցն էր թայլանտցի Սիրիչայի Թայեն, որ պարտուեցաւ 50-4 եւ 35` նաք-աութով: Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցած այս մենամարտին, Դալլաքեան թեքնիք նաք-աութով յաղթելով առաջին անգամ ըլլալով պաշտպանեց տիտղոսը: 30 տարեկան Դալլաքեան ախոյեան հանդիսացած էր նախորդ փետրուարին` Միացեալ Նահանգներու...

Լուէյզի Զուք Մոսպեհի Տարեկան Հանդիսութիւնը

Ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը կատարեց իր տարեկան հանդիսութիւնը «Նասամաթ» ճաշարանին մէջ (Ռումիէ-Քլէյաաթ)` ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներուն, շրջանի քաղաքապետութիւններուն, ակումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լուէյզիի պասքեթպոլի եւ ֆութսալի խումբերուն: Հանդիսութեան ընթացքին ակումբի նախագահ հայր Զիատ Անթուն բարձր գնահատեց ակումբին ձեռք ձգած յաջողութիւնները` խմբային թէ անհատական մրցումներուն ընթացքին: Ան գնահատեց նաեւ ակումբին արձանագրած բացառիկ արդիւնքները դպրոցական...

Page 827 of 1278 1 … 826 827 828 … 1,278

Արխիւներ