Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 24 յունիսին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի բաժակի մրցումը, որ կը կրէ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Թանիոս Միրի անունը:
Ան 1971-էն 1998 եղած է ֆետերասիոնի նախագահ, իսկ 1998-էն 2001` պատուոյ նախագահ:
Մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ), «Կոլտըն Պիչ»-էն դէպի Տըպպայէի շրջանին մէջ գտնուող Ներքին ապահովութեան ուժերու զօրանոցը:
Անոր կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները (տղաք եւ աղջիկներ): Երկարութիւնը պիտի ըլլայ 30-էն 80 քմ:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ կէսօրուան ժամը 12:30-ին:


