Հայկական ֆութպոլի կազմերէն Արցախ, որ 2018-2019 տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց խումբի ֆութպոլիստ Արսէն Յովհաննիսեանի հետ:
Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլիստին` համագործակցութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզին շարունակութեան մէջ:



