Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Մոնտիալ. Ֆրանսա Եւ Խրուաթիա Ապահովեցին 1-16-րդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

June 22, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին 8-րդ օրը, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:

Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն արձանագրուեցաւ յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը:

Ֆրանսա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փերուն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քիլիան Մպափէ` 34-րդ վայրկեանին:

Շուրջ 33 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, օրուան իրաւարարն էր Մոհամետ Ապտալլա Մոհամետ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Մրցումը տեղի ունեցաւ Էքաթերինպուրկի դաշտին վրայ:

Իր արձանագրած այս երկրորդ յաղթանակին շնորհիւ, Ֆրանսա ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը:

Ինչ կը վերաբերի այս խմբակին մէջ տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին, Դանիա եւ Աւստրալիա իրարմէ բաժնուեցան 1-1 հաւասարութեամբ:

Քրիսթիան Էրիքսըն նշանակեց Դանիոյ կոլը (7-րդ), իսկ Միլ Ժետինաք` Աւստրալիոյ կոլը (38-րդ` փենալթիով):

Օրուան իրաւարարն էր սպանացի Անթոնիօ Մաթէօ:

Սամարայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր շուրջ 41 հազար հանդիսատես:

Վերջապէս, Դ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած կարեւոր մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Արժանթինը եւ Խրուաթիան, աւարտեցաւ հարաւային ամերիկեան կազմին քիչ մը ծանր պարտութեամբ` 3-0 արդիւնքով:

Մրցումին 53-րդ վայրկեանին Արժանթինի բերդապահ Ուիլֆրետօ Կապալերօ գնդակը «ոսկեայ սկուտեղի»-ի մը վրայ հրամցուց Անթէ Ռեպիչի, որ օգտուելով անոր կոպիտ սխալէն, բացաւ մրցումին հաշիւը:

80-րդ վայրկեանին Լուքա Մոտրիչ արդիւնքը վերածեց 2-0-ի, իսկ մրցումին վերջին կոլը նշանակեց Իվան Ռաքիթիչ (91-րդ):

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Խրուաթիա ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը, մինչ Արժանթինի յաջորդ հանգրուան հասնելու յոյսերը ստացան ծանր հարուած մը:

Օրուան իրաւարարն էր Ռաւշան Իմաթով (Ուզպեքիստան), իսկ Նիժնի Նովկորոտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին ներկայ էր 43 հազար հանդիսատես:

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

  ԺԱՄ
Պրազիլ – Քոսթա Ռիքա (Ե. խմբակ) 15:00
Նիկերիա – Իսլանտա (Դ. խմբակ) 18:00
Սերպիա – Զուիցերիա (Ե. խմբակ) 21:00

   

 

Նախորդը

Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանան Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Քաթարի Դէմ` 87-52 Արդիւնքով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (22 Յունիս 2018)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.