Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Բանանց Երեւան պայմանագիր մը ստորագրեց բերդապահ Անաթոլի Այվազովի հետ:
22 տարեկան բերդապահը վերջին չորս տարեշրջաններուն մաս կազմած է Հայաստանի ախոյեանութեան` ելոյթ ունենալով Փիւնիկի եւ Շիրակի հետ:
Բանանցի այժմու գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան գովասանքով արտայայտուեցաւ Այվազովի տեղափոխման մասին` նշելով, որ անոր ներկայութեան խումբը կրնայ շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել:
Յայտնենք, որ վերջերս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ըսաւ, թէ Անաթոլի Այվազով պիտի խաղայ ազգային խումբին հետ:



