«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբը կը փորձէ ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի 22 տարեկան ֆութպոլիստ Մարքօ Ասենսիոն:
Նշուեցաւ, որ գերմանացի Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած խումբը Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահին համար կ՛առաջարկէ 180 միլիոն եւրօ:
Սակայն շատ հաւանական է, որ Ռէալ Մատրիտ այդքան ալ համաձայն չգտնուի այդ գումարին` նկատի ունենալով, որ նախապէս կ՛ըսուէր, թէ ֆութպոլիստին հրաժարագինը կը կազմէ 700 միլիոն եւրօ:



