Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին համաձայն, մարզիկներու ամառնային փոխանցման ժամանակ, Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ժերոմ Պոաթենկ շատ հաւանաբար այլ կազմի մը միանայ:
Միւնիխեան ակումբը պատրաստ է 50-60 միլիոն եւրոյի փոխարէն անոր ստորագրութիւնը ծախելու:
Վերջին ժամանակաշրջանին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 29 տարեկան Պոաթենկով մօտէն հետաքրքրուած էին Եուվենթուս եւ Լիվըրփուլ:



