Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ իր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով շատ հաւանաբար բացակայի 2018-ի մոնտիալի մրցաշարքին գծով Սէուտական Արաբիոյ դէմ Եգիպտոսի կատարելիք վերջին մրցումին:
Նախապէս ան հերքած էր շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, ըստ որոնց ինք հարցեր ունի ֆետերասիոնի նախագահ Հենի Ապու Ռիտայի հետ:
Սալահ դժգոհ էր հաւաքականին նախապատրաստական հանգրուանէն:
Նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնը հաւաքականի փորձերուն հրաւիրեց շուրջ 100 գործատէրեր, դերասաններ եւ այլ անձեր, որոնք իրենց ներկայութեամբ խանգարեցին մարզիկներուն փորձերը:
Կարգ մը ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններուն համաձայն, 2018-ի մոնտիալի իր վերջին մրցումը կատարելէ ետք, Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնանկ պիտի ընէ խումբին մարզիչը:



