Երէկ` հինգշաբթի, 21 յունիսին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» իր կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելիին մասին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Այս ռելին տեղի պիտի ունենայ 6-8 յուլիսին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները, որոնց կարգին` Իմատ Լահուտ, որ Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԱ) Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ներկայացուցիչն է: Ներկայ գտնուեցան նաեւ հովանաւորող ընկերութիւնները, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:


Կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Ֆետի Աուն յայտնեց, որ այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 769 քմ:
Ցուցադրական մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 6 յուլիսին` «Ար. Փի. Էմ.»-ի մէջ (Մըթէյն):
Ռելիին մասնակցելու համար արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 22 յունիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:
Ինչ կը վերաբերի անոր մասնակցող վարորդներուն, անոնց անունները պիտի հրապարակուին երկուշաբթի, 25 յունիսին:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
«Էմ. Էմ. Էս.» – «Ռէյսինկ»



