Պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երկուշաբթի, 25 յունիսին, տեղի կ՛ունենայ բարեկամական մրցում մը, Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ Սուրիոյ խումբին միջեւ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:
Բարեկամական այս մրցումով, Սուրիա պիտի պատրաստուի Լիբանանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (աշխարհի ախոյեանութեան զտում):



