Տոնի Ռոսթովի հայ երիտասարդները անակնկալ մը պատրաստած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած առաջին երկրին` Ուրուկուէյի համակիրներուն համար:
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին մասնակցելու համար Ռոսթով եկած ուրուկուէյցի համակիրներուն հայաշատ քաղաքին մէջ կը սպասէր Ուրուկուէյի դրօշակը, որուն վրայ գրուած էր. «Շնորհակալութիւն` Ուրուկուէյ, Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինը ընդունած երկիրը ըլլալուդ համար»:
Տոնի Ռոսթովի հայ երիտասարդական միութեան պատասխանատու Գէորգ Գրիգորեան նշած է, որ այս դրօշակը մեծ արձագանգ գտած է ուրուկուէյցի համակիրներուն մօտ:
Ան ըսած է, թէ իրենք այս ձեւը մտածած են Ուրուկուէյին շնորհակալութիւն յայտնելու համար: