Ինչպէս հաղորդած էինք, ուրբաթ, 22 եւ շաբաթ, 23 յունիսին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ» ընկերութեան կողմէ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք երկիրներու ազգային խումբեր` Լիբանան, Հայաստան եւ Քաթար:
Մրցաշարքին վերջին օրը Լիբանան տիրացաւ տիտղոսին, հակառակ անոր որ պարտութիւն կրեց Հայաստանէն, որ բաղդատմամբ Քաթարի դէմ կատարուած մրցումին, շատ աւելի յաջող եւ տպաւորիչ ելոյթով մը փաստեց իր գերակայութիւնը Լիբանանի նկատմամբ:
Մրցումը աւարտեցաւ Հայաստանի յաղթանակով` 5 կէտի տարբերութեամբ` 90-85 արդիւնքով (24-22, 13-27, 33-14, 15-27):
Մրցաշարքին ընթացքին կիրարկուեցաւ նշանակուած կէտերու դրութիւնը` նկատի ունենալով, որ երեք խումբերն ալ արձանագրեցին մէկական յաղթանակ եւ կրեցին մէկական պարտութիւն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը առաջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերուն` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահներ Սալիմ Ֆաուալի, Էտի Ապի Զախըմի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքի, ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանիի, Թոնի Խալիլի, Աքրամ Հալապիի եւ կազմակերպիչներուն:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, անոր կոլսքորըրը հանդիսացաւ Լիբանանէն Սեմ Եանկ (34 կէտ): Իսկ անոր խմբակից Ժան Ապտելնուր նշանակեց 12 կէտ:
Իսկ Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆիլըր Հես (23), ապա` Թոտ Օպրայըն (21 կէտ, 14 ռիպաունտ), իսկ անոնց խմբակից Ճէյմս Սիլվըրսթըն նշանակեց 4 թրի փոյնթ:
Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Ռիշար Հաժ եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
SPORTSCODE IMAGES




