Այսօր` Լիբանան – Հայաստան
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը` Քաթարի դէմ, 72-63 արդիւնքով պարտուեցաւ (19-21, 14-17, 18-16, 12-18):
Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը (12) նշանակեց Արարատ Աբրահամեան, ապա` Ալպերթ Թադէոսեան եւ Թոտ Օպրայըն (11-ական), մինչ Արտեմ Թաւալաքեան նշանակեց 10 կէտ:
Իսկ Քաթարէն Ապտիւլրահման Սաատ նշանակեց 21 կէտ:
Հայրենի կազմը 32 թրի-փոյնթերէն 9-ը հասցուց իր նպատակին:
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Նիքոլա Մաալուֆ եւ Ժորժ Սաատ: Իսկ մրցումին հսկող նշանակուած էր Րաֆֆի Գասապեան:
Հայաստան այսօր ժամը 21:30-ին կը կատարէ իր երկրորդ եւ վերջին մրցումը, երբ կը ճակատի հիւրընկալ երկրին` Լիբանանի դէմ:
Լիբանանահայ համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել մրցումին մասնակցողները:




