Երէկ` հինգշաբթի, Լիբանանի տղոց 15 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Թեհրան (Իրան)` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Լիբանանի մարզիչը Ժատ Հաժ նախապատրաստական բաւական լաւ աշխատանք տարաւ այս մրցաշարքին գծով, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքներ արձանագրելով Ասիոյ ախոյեանութեան տոմս մը ապահովել:
Լիբանան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Իրաքի դէմ (կիրակի օր), ապա յաջորդաբար` Սուրիա (երկուշաբթի), Իրան (երեքշաբթի) եւ Յորդանան (չորեքշաբթի):
Պէտք է նշել, որ լիբանանցի մարզիկները Իրան մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ: