Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ տեղեկացուց, որ իր կազմին միացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահը` Էտգար Մանուչարեան:
Երեւանեան ակումբին համար նոր տարեշրջանին գծով այս փոխանցումը կը նկատուի լաւագոյն այս ամրան ընթացքին` աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:
Ան ելոյթ ունեցած է շարք մը ակումբներու հետ, որոնց կարգին Փիւնիկ Երեւան, Այաքս Ամսթերտամ եւ ուրիշներ, իսկ վերջին տարիներուն ան մաս կը կազմէր Ուրալի Եքաթերենպուրկի:



