Անուար Ժըտէյտէ ակումբը իր բոլոր անդամները հրաւիրեց ակումբին տարեկան համագումարին` ընտրելու համար իր վարչութեան նոր անդամները:
Այդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 6 օգոստոսին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (երեկոյեան ժամը 18:00-ին):
Նշուեցաւ, որ եթէ ժողովը օրինական չըլլայ, երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք` երկուշաբթի, 13 օգոստոսին, միեւնոյն ժամուն: Ներկաներուն թիւը պիտի սեպուի օրինական եւ պիտի կատարուին նոր ընտրութիւններ: