Լիբանանի մինի ֆութպոլի առաջին` 2018-2019 տարեշրջանի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը կը սկսի այսօր` ուրբաթ, 27 յուլիսին, երբ կը կատարուին 4 մրցումներ: Յաջորդող երկու օրերուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան չորսական մրցումներ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 24 խումբեր, բաժնուած` 4 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 6 խումբ:
Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը Ահմետ Տանաշ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղար Ժիլպեր Ապպուտ, յայտնեցին, որ իրենց կարելին պիտի ընեն յաջող ախոյեանութիւն մը կազմակերպելու համար, մանաւանդ նկատի ունենալով այն կարեւոր կէտը, որ այս մարզախաղով հետաքրքրուողներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ: