Ինչպէս ծանօթ է, Պէյրութ ակումբը հոկտեմբերին սկիզբը Շիահի իր մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Այս ծրագիրը յաջողցնելու համար բնականաբար մեծ աշխատանք եւ ճիգ թափեց, Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ:
Անդրադառնալով վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, թէ սէուտցիներուն Լիբանան այցելութեան ամէն տեսակի վտանգ կը սպառնայ, Հաքիմ ըսաւ.
«Այդպիսի սուտ տարաձայնութիւնները երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ անոնց կեանքին վրայ որեւէ վախ չկայ:
«Տակաւին վերջերս յատուկ նամակ մը ստացայ Սէուտական Արաբիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն, որ Ֆաթհ ակումբը պիտի մասնակցի այս ախոյեանութեան:
«Լիբանանի մէջ կատարուելիք այս ախոյեանութեան բոլոր խումբերուն ալ մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ երաշխաւորուած, եւ երբեք մտահոգուելու պատճառ չկայ:
«Եթէ արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուի յարմար չտեսնէր, որ պէտք է ըլլանք մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը, այդ բացառիկ առիթը չէր տար մեզի»: