Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ իր կողմէ ուղղուած յատուկ հրաւէրով, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին (Տըպպայէ) այցելեց լիբանանցի երիտասարդ թենիս խաղացող Մարք Գրաճիկեան (11 տարեկան)` իր ծնողքին ընկերակցութեամբ: Անոնք կը բնակին Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Քաղցկեղի պատճառով Մարք Գրաճիկեան կորսնցուցած է իր ոտքը, եւ հակառակ անոր որ ան արուեստական ոտք դրած է, սակայն կրնայ լաւ թենիս խաղալ եւ արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ:
Ան տեսնուած է թենիսի միջազգային աստղերու հետ, որոնց կարգին` զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր:
Անոր Լիբանան այցելութեան առիթով, ֆետերասիոնը վաղը` ուրբաթ, 27 յուլիսին կազմակերպած է ցուցադրական մրցում մը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք), ուր Գրաճիքեան պիտի մրցի կրտսերներու դէմ:
Ֆետերասիոնին անդամներուն հետ իր ունեցած այս հանդիպումէն ետք, ան ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալէն եւ կարգ մը անդամներէ ստացաւ յատուկ յուշանուէր մը, որոնք այս առիթով յաջողութիւն մաղթեցին պատանի մարզիկին: