Կազմակերպութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնին, 11 նոյեմբեր 2018-ին տեղի պիտի ունենայ «Պլոմ» դրամատուն-Պէյրութի միջազգային մարաթոնը:
Այս ուղղութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին պիտի մանրամասնէ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացնէ այդ գծով:
Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: