Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց նորաստեղծ խումբը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ 6-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Քֆարմելքին, Ռամլեթ Պայտայի մէջ:
ՀՄԸՄ-էն հեթրիք մը իրագորրծեց Յակոբ Գուճանեան, երկու կոլ նշանակեց Յարութ Սարգիս, մինչ վեցերորդ կոլը նշանակեց մրցակից կազմէն մարզիկ մը` սխալմամբ իր բերդին մէջ:
Դ. հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 28 յուլիսին, երեկոյեան ժամ 18:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս նոյն վայրին մէջ կը մրցի Շապապ Ժընահի դէմ:
Ե. հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք:
Լուսանկարը Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ