Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, վերջին քանի մը շաբաթներուն հանգրուանային ձեւով տեղի ունեցաւ «Էն. Էս. Էյ.»-ի (Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի) Ռոնի Ապու Ժաուտէի յիշատակին նուիրուած 18 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը:
Անիկա տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Աւարտական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի դաշտին վրայ, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան Հուփս տիրացաւ տիտղոսին` յաղթելէ ետք Պըժժէի:
Ապա կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին տարբեր տեսակի տիտղոսներ ստացան, տիտղոսակիր խումբէն բացի, նաեւ այլ մարզիկներ (լաւագոյն մարզիկ, լաւագոյն էսիսթ եւ այլն):