Իտալական Ա. Սէ. Միլանի նախկին միջնապահ եւ մարզիչ Լէոնարտօ նշանակուեցաւ ակումբի թեքնիք տնօրէն, յայտնեց կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Թեքնիք հարցերով զբաղելէ բացի, անոր վստահուեցաւ նաեւ մարզիկներու փոխանցման դասաւորումներն ալ կատարելու պարտականութիւնը:
Լէոնարտօ բաւական սիրուած է ակումբին համակիրներուն կողմէ: