Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կայքը կը տեղեկացնէ, թէ երկարաձգեց ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Թիթէի հետ իր պայմանագրութիւնը:
Հակառակ անոր որ Պրազիլ 2018-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ Պելճիքայէն (2-1), սակայն 57 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին առաջարկուեցաւ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը մինչեւ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին աւարտը:
Ան այսպիսով դարձաւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին պատմութեան մէջ առաջին մարզիչը որ պաշտօնանկ չ՛ըլլար, հակառակ անոր որ անոր կազմը չի կրնար հանդիսանալ աշխարհի ախոյեան:
Նշենք, որ անոր հետ Պրազիլ կատարեց 26 մրցում` արձանագրելով 20 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրելով 2 պարտութիւն:



