Լիբանանցի ֆութպոլի միջազգային իրաւարար Խալիլ Պահլաուէն այսօր` ուրբաթ, կը մեկնի Ինտոնեզիա հոն տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան իրաւարարի պաշտօն ստանձնելու համար:
1-12 օգոստոսին տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան անկէ բացի արաբական երկիրներէ նկատի առնուած են նաեւ չորս միջազգային իրաւարարներ:
Նշենք, որ Պահլաուէն նախորդ տարեշրջանին յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով ընտրուած էր լաւագոյն իրաւարարը` Լիբանանի մէջ: