Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – «Սոսիեթէ Ժեներալ» Դրամատուն Համագործակցութեան Համաձայնագիրի Կնքում
Երէկ` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիրի կնքում` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատան միջեւ: Համաձայնագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները` նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի, վերոնշեալ դրամատան ներկայացուցիչները, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ: Աքրամ Հալապի շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Սահնաուիին, որ ընդառաջելով ֆետերասիոնին հրաւէրին, ուզեց զօրակցիլ...



