Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ծովային դահուկարշաւի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ ակումբի կեդրոնատեղիին (Քասլիք) մօտակայ ծովային շրջանին մէջ տեղի ունեցան միջերկրականեան Ուէյքպորտի, ինչպէս նաեւ Ուէյքսըրֆի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 52 երկսեռ մարզիկներու:
Յայտնենք, որ այս ախոյեանութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ օտար մարզիկներ, որոնք եկած էին եւրոպական տարբեր երկիրներէ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` խանդավառ եւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ, որուն ընթացքին ներկաները ապրեցան անմոռանալի պահեր:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ՄԱՐՔ ԱՊՈՒ ԺԱՈՒՏԷ