Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ՀՄԸՄ Պէյրութէն ստացած է պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի պասքեթպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 հոկտեմբեր 2018-ին:
Նամակին մէջ կը նշուի նաեւ, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը ֆետերասիոնէն կը պահանջէ գումարել արտակարգ ժողով մը, որպէսզի 2018-2019 տարեշրջանին գծով ներկայացնէ իր ծրագիրները եւ յստակացում կատարէ այդ գծով:



