«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնէ ֆրանսացի Ֆիլիփ Կրանոն, որուն ծնողները ստեղծած են ռելիներու եւ ինքնաշարժի մրցումներուն քարիքաթիւրները, 1957-ին:
Խօսք պիտի առնեն նաեւ Կրանոնի ներկայացուցած ընկերութեան տնօրէն Ժան-Լուի Տոժիէ եւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները: