Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը 2019-ի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի 9-րդ հանգրուանին պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին կորսուած վայրկեաններուն նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը (3-3): Փիւնիկի միջնապահ Պետրոս Աւետիսեան տուպլէ մը իրագործեց:
Է. խմբակին մաս կազմող Հայաստան 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 8 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: Մակեդոնիա 4 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Երկու խումբերն ալ զրկուած են խմբային փուլի արգելքը յաղթահարելու կարելիութենէն: