Իր մասնակցութիւնը բերելու համար լրագրողներու միջեւ տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցաշարքին, Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականը մեկնեցաւ Լիթուանիա: Հայաստան յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի այս մրցաշարքին:
14-րդ անգամն ըլլալով կայանալիք այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 լրագրողներու խումբեր` հետեւեալ երկիրներէն. Հայաստան, Լիթուանիա, Լաթվիա (2 խումբ), Լեհաստան, Ուքրանիա, Պիելոռուսիա, Ռուսիա, Եգիպտոս եւ Գերմանիա:
Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ մէկ օրուան ընթացքին, եւ բոլոր խումբերը իրարու դէմ կը մրցին 12 վայրկեան տեւողութեամբ խաղերով:
Մրցաշարքին կազմակերպիչն է Լիթուանիոյ լրագրողներու միութիւնը:
Հայաստան մրցավայր մեկնեցաւ 13 խաղացողներով:
Նախքան Լիթուանիա մեկնիլը, Հայաստանի մէջ լրագրողներու կազմը իր փորձերը կատարեց Փիւնիկի կողմէ տրամադրուած դաշտին վրայ: