Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթը յայտնեց, որ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի հիմնական բերդապահը` «Լա լիկա»-ի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն ընթացքին:
Ռէալ Մատրիտի կատարելիք յաջորդ մրցումին` Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ, ան պիտի ըլլայ հիմնական բերդապահը, այս տարեշրջանին երկրորդ անգամն ըլլալով:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտի հիմնական բերդապահն է Քոսթա Ռիքայի ազգային խումբի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս: