Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին, տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Յայտարարուեցաւ, որ 21-23 սեպտեմբերին Շարթիէ Տար Նուր ակումբին մէջ (հիւսիս) տեղի պիտի ունենայ «Պոնիւս-2» անունը կրող մրցաշարքը:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանան Նիկոսիոյ մէջ 9-11 նոյեմբերին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Կիպրոսի միջազգային տարիքային մրցաշարքին:
Լիբանան պիտի մասնակցի նաեւ 2-8 նոյեմբերին Թունուզի մէջ կատարուելիք Արաբական ակումբներու 30-րդ ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ժընուպ Թուլ, Լիուա Սայտա, Լիբանանեան բանակ (եթէ առաջին երկուքէն մէկը չ՛ուզէ անոր մասնակցիլ), Նատուա Քամաթիէ, ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա (եթէ առաջին երկուքէն մէկը չուզէ մասնակցիլ): Առաջին երեքը տղոց կազմերն են, իսկ վերջին երեքը` աղջկանց:
Ֆետերասիոնը մէկ տարիով կախակայեց Մոհամետ Հապաշը` կիրարկելով իր կանոնագիրին 88 եւ 93 յօդուածները, եւ այդ մէկը` իբրեւ հետեւանք անոր ունեցած ոչ մարզավայել կեցուածքին, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քուփալիի նկատմամբ: